ՍԱՂՄՈՍ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
2 Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն
Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն,
2 Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն
Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն
Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ,
3 Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը,
Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը*»։
4 Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։
Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։
5 Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց
Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով.
6 «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս
Իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։
7 Հրամանը պիտի պատմեմ։
Տէրը ինծի ըսաւ.
«Դո՛ւն իմ որդիս ես,
Ես այսօր քեզ ծնայ։
8 Խնդրէ՛ ինձմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ
Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։
9 Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես*,
Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։
10 Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք,
Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։
11 Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը,
Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք*։
12 Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ
Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք,
Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։
Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։