Աթոս լեռը՝ «սո՞ւրբ լեռ» է
ՈՒՂՂԱՓԱՌ Եկեղեցւոյ աւելի քան 220 միլիոն անդամներուն համար, Աթոս Լեռը՝ հիւսիսային Յունաստանի մէջ անհարթ հրուանդան մը, «Քրիստոնեայ Ուղղափառ աշխարհի ամենէն սուրբ լեռ»ն է։ Անոնցմէ շատերուն համար, Աթոս «սուրբ լեռ»ը ուխտագնացութիւն մը կատարելը, փափաքելի երազ մըն է։ Ի՞նչ է այս «սուրբ լեռը»։ Անիկա ի՞նչպէս այսքան կարեւորութիւն ստացաւ։ Իսկ, աստուածավախ մարդիկ, հոգեւոր առաջնորդութեան եւ ճշմարիտ պաշտամունքի համար այս ‘լերա՞ն’ պէտք է դիմեն։
«Սուրբ լեռ» արտայայտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք։ Անիկա ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ սուրբ, անարատ եւ վեհ պաշտամունքին հետ առնչուած է։ Վաղեմի Երուսաղէմի մէջ գտնուող Սիօն Լեռը «սուրբ լեռ» մը եղաւ, երբ Դաւիթ Թագաւոր ուխտի տապանակը հոն բերաւ։ (Սաղմոս 15։1. 43։3. Բ. Թագաւորաց 6։12, 17) Մօրիա Լերան վրայ Սողոմոնի տաճարը կառուցուելէ ետքն իսկ «Սիօն» տաճարի վայրը պարփակեց. ուստի, Սիօն շարունակեց Աստուծոյ «սուրբ լեռ»ը մնալ։ (Սաղմոս 2։6. Յովելեայ 3։17) Քանի որ Աստուծոյ տաճարը Երուսաղէմի մէջ էր, երբեմն այդ քաղաքն ալ Աստուծոյ «սուրբ լեռ»ը կոչուած էր։—Եսայեայ 66։20. Դանիէլ 9։16, 20
Ի՞նչ կրնանք ըսել ներկայիս։ Աթոս Լեռը, կամ ուրիշ որեւէ լեռ, այն «սուրբ լե՞ռ»ն է ուր մարդիկ պէտք է խուժեն Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելու համար։
Վանական «Սուրբ Լեռ» մը
Աթոս Լեռը Խալգիտիքի Թերակղզիին արեւելեան կողմը կը գտնուի, նեղ ցամաքամասի մը վրայ, որ Եգէական Ծովուն մէջէն դուրս ցցուած է, արդի Սելանիկի ճիշդ արեւելքը։ Անիկա տպաւորիչ մարմարեայ գագաթ մըն է, որ ծովէն ուղղաձիգ կը բարձրանայ՝ հասնելով 2,032 մեթր բարձրութեան։
Աթոս վաղուց ի վեր սուրբ վայր մը նկատուած է։ Յունական դիցաբանութեան մէջ անիկա չաստուածներու բնակավայրն էր, Օլիմփոս Լեռը անոնց բնակավայրը ըլլալէն առաջ։ Մեծն Կոստանդինէն (Հ.Դ. չորրորդ դար) որոշ ժամանակ մը ետք, Աթոս քրիստոնէական եկեղեցիներուն համար սուրբ վայր մը դարձաւ։ Առասպելի մը համաձայն, երբ «կոյս» Մարիամ Յովհաննէս Աւետարանիչի ընկերակցութեամբ Կիպրոս կ’երթար Ղազարոսը այցելելու, անակնկալ ու զօրաւոր փոթորիկի մը բռնուելով Աթոսի վրայ էջք կատարեց։ Լերան գեղեցկութեամբ ապշած, ան Յիսուսէն խնդրեց որ զայն իրեն տայ։ Աթոս նաեւ ճանչցուեցաւ որպէս «Սուրբ Կոյսին Պարտէզը»։ Բիւզանդական շրջանի կիսուն, դուրս ցցուած ամբողջ ժայռոտ մասը կոչուեցաւ՝ Սուրբ Լեռ։ Այս անուանումը պաշտօնական կերպով որդեգրուեցաւ ու վաւերացուեցաւ Հ.Դ. 1046–ին, Կոստանդին Թ. Մոնոմախոս Կայսրին վճիռով։
Աթոսի անհարթ եւ մեկուսացած բնոյթին պատճառաւ, անիկա խստակեաց կեանք մը վարելու յարմար վայր մըն է։ Դարերու ընթացքին, անիկա Ուղղափառ աշխարհի չորս կողմերէն կրօնասէր մարդիկը հրապուրած է, Յոյներ, Սերպեր, Ռումանացիներ, Պուլկարացիներ, Ռուսեր եւ ուրիշներ՝ որոնք բազմաթիւ վանքեր կառուցանած են, իրենց եկեղեցիներով ու համայնքներով։ Ասոնցմէ 20–ը մինչեւ օրս գոյատեւած են։
Աթոս Լեռը Ներկայիս
Ներկայիս, Աթոսը ինքնավար շրջան մըն է, 1926–ին վաւերացուած պայմանագրութեամբ մը։ Տարիներ շարունակ անկում արձանագրելէ ետք, այժմ հոն բնակող վանականներուն թիւը 2,000–է աւելի է։
Վանքերէն իւրաքանչիւրը իր ուրոյն ագարակներու, մատուռներու, եւ բնակավայրերու ցանցը ունի։ Ճգնաւորներուն ամենահեռաւոր սրբարանը կը գտնուի Գարուլիա բնակավայրին մէջ, Աթոս Լերան գագաթին գլխու պտոյտ պատճառող խարակներուն վրայ թառած։ Հոն, խումբ մը առանձին հիւղակներ կան, որոնց կարելի է հասնիլ միայն խրթին արահետներու, քարէ աստիճաններու եւ շղթաներու միջոցաւ։ Աթոսի վրայ, վանականները տակաւին իրենց վաղեմի առօրեայ սովորական արարողութիւնները կը կատարեն, գործածելով բիւզանդական ժամացոյցը (օրը սկսելով արեւնամուտին) եւ Յուլեան Տոմարը (որ Գրիգորեան Տոմարէն 13 օր ետ է)։
Թէեւ կ’ըսուի թէ կրօնական այս վայրը իր «սրբութիւնը» կը պարտի կնոջ մը, սակայն 1,000 տարիէ ի վեր անոր վանականներն ու ճգնաւորները, ամբողջ թերակղզին արգիլուած շրջան յայտարարած են իգական սեռի պատկանող բոլոր արարածներուն՝ մարդոց ու անասուններուն համար, ներքինիները կամ անմօրուքներն ալ ներառեալ։ Վերջերս, անմօրուք տղամարդոց եւ կարգ մը էգ անասուններու նկատմամբ օրէնքը մեղմացած է, սակայն կիներուն մուտքը տակաւին խստօրէն արգիլուած է Աթոսի ծովեզերքէն մինչեւ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ։
Բոլորին Համար «Սուրբ Լեռ» մը
Աթոսը այն «սուրբ լե՞ռ»ն է ուր պէտք է գան աստուածավախ Քրիստոնեաները պաշտամունքի համար։ Յիսուս Սամարացի կնոջ մը՝ որ կը հաւատար թէ Աստուած Գարիզին Լերան վրայ պէտք էր պաշտուէր՝ բացայայտօրէն ըսաւ թէ Աստուած պաշտելու համար այլեւս բառացի լեռ մը որոշուած չէր։ Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս [Գարիզին] լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը»։ Ինչո՞ւ։ «Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։—Յովհաննու 4։21, 24
Մեր ժամանակը մատնանշելով, Եսայի մարգարէն նախագուշակեց թէ «Տէրոջը տանը [այլաբանական] լեռը», «լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի» եւ «բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ», եւ ամէն ազգէ մարդիկ այլաբանօրէն հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն։—Եսայեայ 2։2, 3
Այրեր եւ կիներ որոնք կը փափաքին Աստուծոյ հետ ընդունելի յարաբերութեան մէջ գալ, հրաւիրուած են Եհովան պաշտելու «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ Աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւորներ ‘Եհովայի լեռը’ տանող ճամբան գտած են։ Ուրիշներու հետ մէկտեղ, անոնք Յոյն փաստաբանուհիի մը զգացումները կ’արձագանգեն, որ Աթոսի նկատմամբ ըսաւ. «Կը կասկածիմ որ հոգեւորականութիւնը որոշ պատերու կամ վանքերու մէջ շրջափակուած ըլլայ»։—Համեմատել՝ Գործք 17։24
[Շրջանակ՝ էջ 31]
Երկար ատենէ պահուած թանկարժէք հաւաքածոյ մը
Դարերու ընթացքին, Աթոսի վանականները թանկարժէք հաւաքածոյ մը կուտակած են, որ կը պարփակէ 15,000 ձեռագիրներ։ Անոնցմէ ոմանք կ’ենթադրուի չորրորդ դարէն ըլլալ, զայն աշխարհի ամենէն արժէքաւոր հաւաքածոներէն մէկը դարձնելով։ Կան՝ գալարներ, Աւետարաններու, սաղմոսներու ու շարականներու ամբողջական հատորներ, ինչպէս նաեւ շատ հին գեղանկարչութիւններ, սրբանկարներ, արձաններ ու մետաղեայ իրեր։ Կ’ենթադրուի թէ աշխարհի մէջ յունական ձեռագիրներու մէկ չորրորդը Աթոս Լերան վրայ կը գտնուի, թէեւ անոնցմէ շատեր տակաւին պէտք ունին պատշաճօրէն ցուցակագրուելու։ 1997–ին, առաջին անգամ ըլլալով, վանականները արտօնեցին որ իրենց գանձերուն մէկ մասը Սելանիկի մէջ ցուցադրուի։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 31]
Telis/Greek National Tourist Organization