Ծնողական մարտահրաւէրը դիմագրաւել
ՆԵՐԿԱՅԻՍ զաւակներ մեծցնելը, մանաւանդ պատանեկան տարիքի մէջ եղողները, ծնողներուն համար դժուարին մարտահրաւէր մըն է։ Մոնրէալի Տը Կազէթ–ը, Գանատա, կը տեղեկագրէ թէ խմիչքի ու թմրեցուցիչի փորձարկութիւնը «անչափահասներուն համար բնական եղած է»։ Անիկա կ’ընդգծէ թէ ծնողներ «պատասխանատուութիւնը ունին [իրենց] պատանիներուն վարմունքին մէջ եղած փոփոխութիւններուն նկատմամբ արթուն ըլլալու»։
Ծնողներ, պատանեկան այսպիսի խնդիրներու մատնանշող ի՞նչ բաներու ուշադիր պէտք է ըլլան։ Երախաներու ու Պատանիներու Հոգեբուժութեան Ամերիկեան Ակադեմիայի բնորոշած ֆիզիքական, զգացական եւ ընկերային ազդարարական նշաններուն մէջ կային՝ տեւական յոգնածութիւն, անձնաւորութեան եւ տրամադրութեան մէջ փոփոխութիւն, ննջասենեակին մէջ չափազանց երկար ժամեր փակուած մնալ, կռիւի եւ անօրէն արարքներու միջամուխ ըլլալ։
Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել այսպիսի վնասակար փորձարկութիւնէ եւ անոնց բացասական հետեւանքներէն։ ՄքԿիլ Համալսարանէն Տոքթ. Ճէֆրի Լ. Տերեվենսքի, կը հաւատայ թէ երախայի մը կազմութեան տարիներու ընթացքին լաւ հաղորդակցութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքի քաջալերութիւնը կրնան հետագայ խնդիրները նուազեցնել։ Տը Կազէթ–ը կ’աւելցնէ, թէ պատանեկութեան շրջանին յաւելեալ անկախութեան փափաքը երեւան գալով հանդերձ, դեռատիներ կը շարունակեն «իրենց ծնողքին հայթայթած առաջնորդութեան, օգնութեան, ընտանեկան կառոյցին եւ սիրոյն» կարիքը ունենալ։ Այս դիտողութիւնները Աստուածաշունչի առակ մը կ’երկրորդեն, որ կ’ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ (Առակաց 22։6) Աստուած ծնողներուն կը խրատէ որ օրինակներ, ընկերակիցներ, հաղորդակիցներ եւ ուսուցիչներ ըլլան։—Բ. Օրինաց 6։6, 7