Երկուշաբթի, յունիս 15
Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ (Յովհ. 3։16)։
Եհովան ժամանակաւոր կարգադրութիւն մը ըրաւ, որպէսզի իսրայէլացիներուն մեղքերը ներուին եւ անոնք լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենան իրեն հետ։ Ատիկա Քաւութեան օրն էր, որ Իսրայէլին մէջ ամէն տարի կը տօնակատարուէր։ Այդ օրը, քահանայապետը անասուններ կը զոհէր ժողովուրդին մեղքերուն համար։ Անշուշտ, զոհուած անասունները չէին կրնար լման կերպով քաւել կամ ծածկել իսրայէլացիներուն մեղքերը, քանի որ անասունները արժէքով աւելի ցած են մարդոցմէ։ Բայց այնքան ատեն որ զղջացող իսրայէլացիները Եհովային պահանջած զոհերը կը ներկայացնէին, Եհովան պատրաստ էր իրենց մեղքերը ներելու (Եբ. 10։1-4)։ Այս կարգադրութիւնը իսրայէլացիներուն օգնեց որ անդրադառնան թէ մեղաւոր են։ Բայց Եհովան մեղքերու ներումի համար մնայուն կարգադրութիւն մը ի մտի ունէր։ Ան կարգադրեց որ իր Որդին ‘մէկ անգամ պատարագ մատուցուի՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար’ (Եբ. 9։28)։ Յիսուս ‘իր կեանքը շատերու համար փրկանք տուաւ’ (Մատ. 20։28)։ դ25.02 4 ¶9-10
Երեքշաբթի, յունիս 16
Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք (Մատ. 26։41)։
«Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատ. 26։41բ)։ Յիսուս այս խօսքով ցոյց տուաւ թէ կը հասկնար, որ մենք անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք։ Բայց ան նաեւ այս խօսքով կը զգուշացնէր, որ չափէ դուրս ինքնավստահ չըլլանք։ Քանի մը ժամ առաջ, Յիսուսին աշակերտները ինքնավստահութեամբ ըսած էին, որ իրենք բնաւ պիտի չձգեն իրենց Տէրը (Մատ. 26։35)։ Անոնք կ’ուզէին ճիշդը ընել, բայց չէին անդրադառնար, որ երբ դժուար պարագայի մը մէջ գտնուէին կրնային տկարանալ եւ սխալ բան մը ընել։ Ասոր համար, Յիսուս այսօրուան համարին մէջի զգուշացումը տուաւ իրենց։ Ցաւօք սրտի, առաքեալները արթուն չկեցան։ Երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, անոնք իր կողքին մնացի՞ն թէ ոչ փորձութեան տեղի տալով փախան։ Քանի որ զգոյշ չմնացին, առաքեալները ըրին ճի՛շդ ինչ որ ըսին թէ պիտի չընեն. Յիսուսը երեսի վրայ ձգեցին (Մատ. 26։56)։ դ24.07 14 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յունիս 17
Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը (Հռով. 5։10)։
Ադամն ու Եւան իրենց Հօր Եհովային հետ իրենց արժէքաւոր փոխյարաբերութիւնը կորսնցուցին։ Մեղք գործելէ առաջ, անոնք Եհովային ընտանիքին մէկ մասն էին (Ղուկ. 3։23, 38, ԱԾ)։ Բայց երբ անոնք Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, այդ ընտանիքէն վռնտուեցան զաւակներ ունենալէ առաջ (Ծն. 3։23, 24. 4։1)։ Ուրեմն, անոնցմէ եկած սերունդը, մէջը ըլլալով մե՛նք, պէտք է Եհովային հետ հաշտուի, այսինքն՝ իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը զարգացնէ (Հռով. 5։10, 11)։ Բառարանի մը համաձայն, հոս «հաշտուիլ» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նշանակել «թշնամիի մը հետ ընկեր դառնալը»։ Հետաքրքրական է որ Եհովան ինք առաւ առաջին քայլը որ ասիկա կարելի դարձնէ։ Ինչպէ՞ս։ Քաւութեան կարգադրութեան միջոցաւ, որ Եհովան ըրաւ, որպէսզի մեղաւոր մարդիկ իր հետը լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունենան։ Ան Ադամին կորսնցուցածը փոխարինեց բանով մը, որ նոյն արժէքը ունի։ դ25.02 3-4 ¶7-8