-
Կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
2 Ներկայիս, Լաւոդիկէի աւերակները կրնաք գտնել Ալաշէհիրէն շուրջ 90 քմ. հարաւ–արեւելքը գտնուող Տէնիզլիին մօտերը։ Առաջին դարուն, Լաւոդիկէն բարգաւաճ քաղաք մըն էր։ Մեծ խաչմերուկի մը վրայ տեղաւորուած ըլլալով, անիկա դրամատնային եւ վաճառականական կարեւոր կեդրոն մըն էր։ Անոր հարստութեան կը նպաստէր համբաւ շահած աչքի դեղի վաճառքը. անիկա հռչակաւոր էր նաեւ տեղական լաւ սեւ բուրդէ արտադրուած որակաւոր հագուստներով։ Քաղաքին գլխաւոր խնդիրը՝ ջուրի պակասը՝ լուծուած էր, հեռաւոր վայրէ մը խողովակներով տաք աղբիւրներու ջուրեր հասցնելով դէպի քաղաք։ Այդ իսկ պատճառաւ, ջուրը մինչեւ քաղաք հասնէր՝ գաղջ կ’ըլլար։
-
-
Կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
6. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս կը նկարագրէ Լաւոդիկէի ժողովքին հոգեւոր վիճակը։ (բ) Յիսուսի ո՞ր գեղեցիկ օրինակին չէին հետեւած Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները։
6 Յիսուս ի՞նչ պատգամ ունի Լաւոդիկեցիներուն։ Գովասանքի խօսքեր չունի անոնց համար։ Ան անկեղծօրէն անոնց կ’ըսէ. «Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։ Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ»։ (Յայտնութիւն 3։15, 16) Եթէ Տէր Յիսուս Քրիստոս այսպիսի պատգամ մը տար ձեզի, ի՞նչպէս պիտի հակազդէիք։ Զգաստանալով, դուք ձեզ պիտի չքննէի՞ք։ Վստահաբար, այդ Լաւոդիկեցիները պէտք էր ցնցուէին, քանի որ հոգեւորապէս թմրած էին, երեւութապէս ամէն բան շատ թեթեւի առնելով։ (Համեմատել՝ Բ. Կորնթացիս 6։1) Յիսուս, զոր պէտք էր ընդօրինակէին որպէս Քրիստոնեաներ, Եհովայի եւ Իր ծառայութեան հանդէպ միշտ կրակոտ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ։ (Յովհաննու 2։17) Իսկ խոնարհ անհատներ միշտ զինք ազնիւ ու հեզ գտած են, հեղձուցիչ տաք օրով մը՝ թարմացնող գաւաթ մը պաղ ջուրի նման։ (Մատթէոս 11։28, 29) Սակայն Լաւոդիկէի Քրիստոնեաները ո՛չ տաք են ու ոչ պաղ։ Իրենց քաղաքը հասնող ջուրին նման, անոնք եղկ, գաղջ դարձած են։ Անոնք Յիսուսի կողմէ ամբողջովին մերժուելու՝ ‘բերնէն դուրս փսխուելու’ վրայ են։ Թող որ մենք միշտ ջանանք նախանձախնդիր ըլլալ Յիսուսի նման, որպէսզի ուրիշներուն համար հոգեւոր թարմացումի աղբիւր մը ըլլանք։—Մատթէոս 9։35-38
-