-
Աստուծոյ բարկութիւնը կ’աւարտիՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
6. Երբ երրորդ սկաւառակը կը թափուի, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, եւ հրեշտակէ մը ու սեղանէն ի՞նչ խօսքեր կը լսուին։
6 Աստուծոյ բարկութեան երրորդ սկաւառակը, երրորդ փողին հնչուելուն նման, անոյշ ջուրերու աղբիւրներուն կ’ազդէ։ «Երրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն վրայ թափեց ու անոնք արիւն դարձան։ Եւ ջուրերուն հրեշտակէն լսեցի որ կ’ըսէր. ‘Արդար ես դուն, որ ես եւ որ էիր եւ սուրբ ես, որ այսպիսի դատաստաններ ըրիր. վասն զի անոնք սուրբերուն ու մարգարէներուն արիւնը թափեցին եւ դուն անոնց արիւն խմել տուիր, քանզի արժանի են’։ Եւ սեղանէն լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Այո՛, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, քու դատաստաններդ արդար ու ճշմարիտ են’»։—Յայտնութիւն 16։4-7
-
-
Աստուծոյ բարկութիւնը կ’աւարտիՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
10. «Ջուրերուն հրեշտակ»ը ի՞նչ կը յայտնէ, եւ «սեղան»ը ի՞նչ վկայութիւն կ’աւելցնէ։
10 «Ջուրերուն հրեշտակ»ը, այսինքն, ջուրերուն վրայ այս սկաւառակը թափող հրեշտակը Եհովան կը մեծարէ որպէս Տիեզերքի Դատաւոր, որու արդար վճիռները անփոփոխելի են։ Հետեւաբար, ան այս դատաստանին մասին կ’ըսէ որ անոնք «արժանի են»։ Անկասկած, հրեշտակը անձամբ ականատես եղած է հազարաւոր տարիներէ գոյատեւող արիւնահեղութեան եւ անգթութեան, որոնք հրահրուած են այս աշխարհի սուտ ուսուցումներուն ու փիլիսոփայութիւններուն միջոցաւ։ Հետեւաբար, ան գիտէ թէ Եհովայի դատավճիռը արդար է։ Նոյնիսկ Աստուծոյ «սեղանը» կ’արտայայտուի։ Յայտնութիւն 6։9, 10–ի մէջ, ըսուած է որ նահատակուածներուն հոգիները այդ սեղանին ներքեւ են։ Ուստի, «սեղան»ը զօրաւոր կերպով կը վկայէ որ Եհովայի վճիռները արդար են։a Շատ տեղին է որ արիւն թափողներուն եւ արիւնը սխալ կերպով գործածողներուն պարտադրուի որ արիւն խմեն, Եհովայի կողմէ անոնց մահուան դատապարտուած ըլլալը խորհրդանշելու համար։
-