-
Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանենքԴիտարան 2005 | Մարտ 1
-
-
4. Յիսուս ի՞նչպէս շեշտեց մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանելու կարիքը։
4 Սակայն Եհովայի նուիրուած ծառաներ ըլլալով, կը գիտակցինք որ մեզմէ ոեւէ մէկը, երիտասարդ թէ տարեց, եթէ իր քրիստոնէական ինքնութիւնը կորսնցնէ, գէշ հետեւանքներ պիտի կրէ։ Քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտը կը հիմնուի միայն Եհովայի չափանիշներուն եւ մեզմէ իր ակնկալած բաներուն վրայ, քանի որ իր պատկերով ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։26. Միքիայ 6։8) Աստուածաշունչը մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը կը նմանցնէ հանդերձներու, որ կը հագնինք որպէսզի բոլորը տեսնեն։ Մեր օրերուն մասին խօսելով, Յիսուս զգուշացուց. «Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ»։a (Յայտնութիւն 16։15) Չենք ուզեր մեր քրիստոնէական յատկութիւններն ու վարքագծի չափանիշները մէկդի նետել ու Սատանայի աշխարհին թոյլ տալ որ մեզ կաղապարէ։ Ասիկա տեղի ունենալը կը նշանակէ մեր «հանդերձները» կորսնցնել,– կացութիւն մը որ ցաւալի ու ամօթաբեր է։
-
-
Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանենքԴիտարան 2005 | Մարտ 1
-
-
a Այս խօսքերը թերեւս կ’ակնարկեն Երուսաղէմի տաճարի բարձունքին մեծաւորին պարտականութիւններուն։ Գիշերը ան տաճարին մէջ կը պտըտէր, տեսնելու համար թէ Ղեւտացի պահակները իրենց տեղերը արթո՛ւն են թէ քնացած են։ Քնացած պահակը գաւազանով կը ծեծուէր, եւ իր հանդերձները կ’այրուէին որպէս ամօթալի պատիժ։
-